ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 9
Armenian (Western): NT
1Բայց Սօղոս տակաւին սպառնալիք եւ սպանութիւն կը փչէր Տէրոջ աշակերտներուն դէմ: Քահանայապետին քով գնաց 2ու նամակներ ուզեց անկէ՝ Դամասկոսի ժողովարանները տանելու, որպէսզի՝ եթէ գտնէ այդ ճամբային հետեւողներ՝ այր մարդիկ կամ կիներ, կապած բերէ Երուսաղէմ: 3Երբ կ՚երթար ու մօտեցաւ Դամասկոսի, յանկարծ երկինքէն լոյս մը փայլատակեց իր շուրջը, 4եւ ինք գետին իյնալով՝ լսեց ձայն մը որ կ՚ըսէր իրեն. «Սաւո՛ւղ, Սաւո՛ւղ, ինչո՞ւ կը հալածես զիս»: 5Ան ալ ըսաւ. «Դուն ո՞վ ես, Տէ՛ր»: Ու Տէրը ըսաւ. «Ես Յիսուսն եմ, որ դուն կը հալածես. տաժանելի է քեզի՝ աքացել խթանի դէմ»: 6Ան ալ՝ դողալով եւ այլայլած՝ ըսաւ. «Տէ՛ր, ի՞նչ կ՚ուզես որ ընեմ»: 7Տէրը ըսաւ անոր՝՝ . «Կանգնէ՛ ու մտի՛ր քաղաքը, եւ պիտի ըսուի քեզի թէ ի՛նչ պէտք է ընես»: Այն մարդիկը՝ որ իրեն կ՚ուղեկցէին՝ անխօս կեցած էին. միայն ձա՛յնը կը լսէին, բայց ո՛չ մէկը կը տեսնէին: 8Սօղոս գետինէն ոտքի ելաւ, սակայն ո՛չ մէկը կը տեսնէր բաց աչքերով. ուստի բռնեցին անոր ձեռքէն ու մտցուցին Դամասկոս: 9Երեք օր կեցաւ՝ առանց տեսնելու. ո՛չ կերաւ, ո՛չ ալ խմեց:

10Աշակերտ մը կար Դամասկոսի մէջ՝ Անանիա անունով: Տէրը ըսաւ անոր տեսիլքի մէջ. «Անանիա՛»: Ան ալ ըսաւ. «Տէ՛ր, ահա՛ հոս եմ»: 11Տէրը ըսաւ անոր. «Կանգնէ՛ ու գնա՛ այն փողոցը՝ որ Ուղիղ կը կոչուի, եւ հոն՝ Յուդայի տան մէջ փնտռէ՛ Սօղոս անունով Տարսոնցի մը. որովհետեւ ահա՛ ան կ՚աղօթէ, 12ու տեսիլքի մէջ տեսաւ մարդ մը՝ Անանիա անունով, քովը մտած եւ ձեռքը դրած իր վրայ՝ որպէսզի վերստին տեսնէ»: 13Անանիա ալ պատասխանեց. «Տէ՛ր, շատերէ լսեցի այդ մարդուն մասին թէ ո՛րչափ չարիք ըրաւ քու սուրբերուդ՝ Երուսաղէմի մէջ. 14եւ հո՛ս ալ քահանայապետներէն իրաւասութիւն ունի կապելու բոլոր անոնք՝ որ կը կանչեն քու անունդ»: 15Տէրը ըսաւ անոր. «Դուն գնա՛, որովհետեւ ան ինձմէ ընտրուած անօթ մըն է՝ իմ անունս կրելու հեթանոսներուն, թագաւորներուն եւ Իսրայէլի որդիներուն առջեւ, 16ու ես ցոյց պիտի տամ անոր թէ ո՜րչափ պէտք է չարչարուի իմ անունիս համար»: 17Ուստի Անանիա գնաց, մտաւ այդ տունը, եւ դնելով ձեռքերը անոր վրայ՝ ըսաւ. «Սաւո՛ւղ եղբայր, Տէ՛րը ղրկեց զիս, այն Յիսո՛ւսը՝ որ ճամբան երեւցաւ քեզի երբ կու գայիր, որպէսզի վերստին տեսնես ու Սուրբ Հոգիով լեցուիս»: 18Իսկոյն թեփերու պէս բաներ ինկան անոր աչքերէն, եւ անմի՛ջապէս տեսողութիւնը վերստացաւ. կանգնեցաւ, մկրտուեցաւ, 19ու կերակուր ուտելով՝ զօրացաւ, եւ քանի մը օր կեցաւ Դամասկոսի մէջ եղող աշակերտներուն հետ: 20Իսկոյն ժողովարաններուն մէջ կը քարոզէր Յիսուսը, թէ ա՛ն է Աստուծոյ Որդին: 21Բոլոր լսողները մեծապէս զմայլած էին ու կ՚ըսէին. «Ասիկա չէ՞ ան՝ որ Երուսաղէմի մէջ կը տապալէր այս անունը կանչողները. հոս ալ եկած էր ասոր համար, որպէսզի զանոնք կապած՝ քահանայապետներուն տանի»: 22Բայց Սօղոս ա՛լ աւելի կը զօրանար եւ կը շփոթեցնէր Դամասկոս բնակող Հրեաները, ապացուցանելով թէ ա՛յս է Քրիստոսը:

23Շատ օրեր անցնելէն ետք՝ Հրեաները խորհրդակցեցան որ սպաննեն զայն. 24բայց Սօղոսի յայտնուեցաւ անոնց դաւադրութիւնը: Ցերեկ ու գիշեր կը հսկէին դռները, որպէսզի սպաննեն զայն: 25Իսկ աշակերտները գիշերուան մէջ առին զայն եւ պարիսպէն վար իջեցուցին՝ զամբիւղի մը մէջ:

26Երբ Սօղոս եկաւ Երուսաղէմ՝ կը ձգտէր միանալ աշակերտներուն. բայց բոլորն ալ կը վախնային իրմէ, չհաւատալով թէ ան աշակերտ էր: 27Բայց Բառնաբաս՝ առնելով զայն՝ տարաւ առաքեալներուն ու պատմեց անոնց թէ ի՛նչպէս ճամբան տեսաւ Տէրը՝ որ խօսեցաւ իրեն հետ, եւ թէ ի՛նչպէս համարձակութեամբ քարոզեց Յիսուսի անունով՝ Դամասկոսի մէջ: 28Ուստի կը մտնէր ու կ՚ելլէր անոնց հետ Երուսաղէմի մէջ, համարձակութեամբ քարոզելով Տէր Յիսուսի անունով: 29Նաեւ կը խօսէր եւ կը վիճաբանէր Հելլենացիներուն հետ. անոնք ալ կը ձգտէին սպաննել զինք: 30Իսկ եղբայրները՝ ասիկա գիտնալով՝ զինք իջեցուցին Կեսարիա, եւ անկէ ճամբեցին Տարսոն:

31Ուրեմն եկեղեցիները խաղաղութիւն ունեցան ամբողջ Հրէաստանի, Գալիլեայի ու Սամարիայի մէջ, եւ կը շինուէին ու կը բազմանային՝ ընթանալով Տէրոջ վախով եւ Սուրբ Հոգիին մխիթարութեամբ:

32Քանի Պետրոս ամէն կողմ կը շրջէր, Լիւդդեա բնակող սուրբերուն քով ալ իջաւ: 33Հոն գտաւ մարդ մը՝ Ենեա անունով, որ մահիճը պառկած էր ութ տարիէ ի վեր՝ անդամալոյծ ըլլալով: 34Պետրոս ըսաւ անոր. «Ենեա՛, Յիսուս Քրիստոս կը բժշկէ քեզ. կանգնէ՛ եւ շտկէ՛ անկողինդ»: Ան ալ իսկոյն կանգնեցաւ: 35Լիւդդեայի ու Սարոնի բոլոր բնակիչները տեսան զայն, եւ դարձան Տէրոջ:

36Աշակերտ եղած կին մը կար Յոպպէի մէջ՝ Տաբիթա անունով, որ թարգմանութեամբ Այծեմնիկ կը կոչուի. ասիկա լեցուած էր իր ըրած բարի գործերով եւ ողորմութիւններով: 37Այդ օրերը հիւանդացաւ ու մեռաւ: Լուացին զինք, եւ դրին վերնատուն մը: 38Լիւդդեա մօտ էր Յոպպէի. ուստի աշակերտները՝ լսելով թէ Պետրոս հո՛ն է՝ ղրկեցին անոր երկու մարդ, աղաչելով որ չյամենայ եւ գայ իրենց քով: 39Պետրոս ալ կանգնեցաւ ու գնաց անոնց հետ: Երբ հասաւ, հանեցին զինք վերնատունը: Բոլոր այրիները կայնեցան անոր շուրջ, կու լային եւ կը ցուցնէին այն բաճկոններն ու հանդերձները, որ Այծեմնիկ կը շինէր՝ երբ իրենց հետ էր: 40Պետրոս ալ՝ դուրս հանելով բոլորը՝ ծնրադրեց, աղօթեց, եւ դառնալով դէպի մարմինը՝ ըսաւ. «Տաբիթա՛, կանգնէ՛»: Ան ալ բացաւ իր աչքերը, ու տեսնելով Պետրոսը՝ ուղիղ նստաւ: 41Ինք ալ ձեռքը տուաւ անոր, կանգնեցուց զայն, եւ կանչելով սուրբերն ու այրիները՝ ողջ ներկայացուց զայն անոնց առջեւ: 42Այս բանը գիտցուեցաւ ամբողջ Յոպպէի մէջ, ու շատեր հաւատացին Տէրոջ: 43Եւ ինք շատ օրեր մնաց Յոպպէ՝ Սիմոն անունով կաշեգործի մը քով:



Armenian (Western): NT

Bible Hub

Acts 8
Top of Page
Top of Page