ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ 18
Armenian (Western): NT
1Ասկէ ետք՝ տեսայ (ուրիշ) հրեշտակ մը, որ երկինքէն կ՚իջնէր եւ մեծ իշխանութիւն ունէր, ու երկիրը լուսաւորուեցաւ անոր փառքով: 2Ան հզօր ձայնով աղաղակեց. «Կործանեցա՜ւ, կործանեցա՜ւ մեծ Բաբելոնը, եւ եղաւ դեւերու բնակավայր, ամէն անմաքուր ոգիի բանտ, ու ամէն անմաքուր եւ ատելի թռչունի բանտ. 3որովհետեւ բոլոր ազգերը խմեցին անոր պոռնկութեան զայրոյթի գինիէն, երկրի թագաւորները պոռնկեցան անոր հետ, ու երկրի առեւտրականները հարստացան անոր պերճանքին զօրութենէն»:

4Լսեցի երկինքէն ուրիշ ձայն մըն ալ՝ որ կ՚ըսէր. «Ելէ՛ք ատոր մէջէն, իմ ժողովուրդս, որպէսզի հաղորդակից չըլլաք անոր մեղքերուն ու բաժին չստանաք ատոր պատուհասներէն. 5որովհետեւ ատոր մեղքերը կուտակուեցան մինչեւ երկինք, եւ Աստուած յիշեց անոր անիրաւութիւնները: 6Հատուցանեցէ՛ք անոր՝ ինչպէս ինք հատուցանեց, ու կրկնապատի՛կ փոխարինեցէք անոր՝ իր արարքներուն համեմատ: Այն բաժակը որ ինք լեցուց՝ կրկնապատի՛կ լեցուցէք իրեն: 7Ո՛րչափ փառաւորեց ինքզինք եւ ապրեցաւ պերճանքով, ա՛յդչափ ալ տանջա՛նք ու սո՛ւգ տուէք անոր, որովհետեւ իր սիրտին մէջ կ՚ըսէ. “Ես կը գահակալեմ իբր թագուհի. բնա՛ւ այրի չեմ եւ բնա՛ւ սուգ պիտի չտեսնեմ”: 8Ուստի մէ՛կ օրուան մէջ պիտի գան անոր պատուհասները՝ մահ, սուգ ու սով, եւ կրակով պիտի այրուի. որովհետեւ հզօ՛ր է զայն դատող Տէր Աստուածը:

9Երկրի թագաւորները, որ պոռնկեցան անոր հետ եւ ապրեցան պերճանքով, պիտի լան ու հեծեծեն անոր վրայ, երբ տեսնեն անոր հրդեհին ծուխը: 10Անոր տանջանքին վախէն՝ հեռու պիտի կայնին եւ ըսեն. “Վա՜յ, վա՜յ քեզի, մե՛ծ Բաբելոն քաղաք, հզօ՛ր քաղաք, քանի որ մէ՛կ ժամուան մէջ եկաւ քու դատաստանդ”:

11Երկրի առեւտրականներն ալ պիտի լան ու սգան անոր վրայ, որովհետեւ ա՛լ ո՛չ մէկը պիտի գնէ իրենց ապրանքը.- 12ոսկիի, արծաթի, պատուական քարերու եւ մարգարիտներու, բեհեզի, ծիրանիի, մետաքսի ու որդան կարմիրի ապրանք. ամէն տեսակ բուրումնաւէտ փայտ, ամէն տեսակ առարկայ՝ փղոսկրէ, եւ ամէն տեսակ առարկաներ՝ պատուական փայտէ, պղինձէ, երկաթէ ու մարմարէ. 13կինամոն, (ամոմոն,) խունկեր, օծանելիքներ եւ կնդրուկ. գինի, ձէթ, նաշիհ ու ցորեն. անասուններ, ոչխարներ, ձիեր, կառքեր, մարմիններ եւ մարդոց անձեր: 14Քու անձիդ ցանկացած պտուղները գացին քեզմէ, բոլոր շքեղ ու փայլուն բաները գացին քեզմէ, եւ այլեւս բնա՛ւ պիտի չգտնես զանոնք»: 15Այս բաներուն առեւտրականները՝ որ հարստացած էին անոր միջոցով, հեռու պիտի կայնին անոր տանջանքին վախէն՝ լալով ու սգալով, 16եւ պիտի ըսեն. «Վա՜յ, վա՜յ, մե՛ծ քաղաք, դո՛ւն որ հագած էիր բեհեզ, ծիրանի ու որդան կարմիր, եւ պճնուած էիր ոսկիով, պատուական քարերով ու մարգարիտներով. 17որովհետեւ ա՛յսչափ շատ հարստութիւնը աւերեցաւ մէ՛կ ժամուան մէջ»: Ամէն նաւավար, բոլոր նաւագնացները, նաւաստիները, եւ անոնք՝ որ կ՚օգտագործեն ծովը, հեռու կայնեցան 18ու աղաղակեցին՝ երբ տեսան անոր հրդեհին ծուխը. «Ո՞ր քաղաքը նման էր այս մեծ քաղաքին»: 19Հող ցանեցին իրենց գլուխին վրայ, ու լալով եւ սգալով աղաղակեցին. «Վա՜յ, վա՜յ այդ մեծ քաղաքին, որուն մէջ՝ իր փարթամութենէն հարստացան բոլոր անոնք՝ որ նաւեր ունէին ծովուն վրայ. որովհետեւ մէ՛կ ժամուան մէջ ամայացաւ: 20Ուրախացէ՛ք անոր համար, երկի՛նք, եւ դո՛ւք՝ սո՛ւրբ առաքեալներ ու մարգարէներ, քանի որ Աստուած ձեր վրէժը առաւ՝՝ անկէ»:

21Հզօր հրեշտակ մը վերցուց քար մը՝ մեծ ջաղացքի քարի պէս, ու նետեց ծովը՝ ըսելով. «Ա՛յսպէս սաստկութեամբ պիտի խորտակուի Բաբելոն մեծ քաղաքը եւ ա՛լ բնա՛ւ պիտի չգտնուի: 22Քնարահարներուն, երաժիշտներուն, սրնգահարներուն ու փողահարներուն ձայնը ա՛լ բնա՛ւ պիտի չլսուի քու մէջդ. ա՛լ արհեստաւոր մը պիտի չգտնուի քու մէջդ, ի՛նչ արհեստէ ալ ըլլայ. ջաղացքի քարին ձայնը ա՛լ բնա՛ւ պիտի չլսուի քու մէջդ. 23ճրագին լոյսը ա՛լ բնա՛ւ պիտի չփայլի քու մէջդ. փեսային ձայնը եւ հարսին ձայնը ա՛լ բնա՛ւ պիտի չլսուին քու մէջդ. քանի որ երկրի մեծամեծներն էին քու առեւտրականներդ, ու բոլոր ազգերը մոլորեցան քու կախարդութեամբդ»: 24Եւ մարգարէներուն, սուրբերուն ու երկրի վրայ բոլոր մորթուածներուն արիւնը գտնուեցաւ անոր մէջ:



Armenian (Western): NT

Bible Hub

Revelation 17
Top of Page
Top of Page