Armenian (Western): NT 1Ոմանք՝ իջնելով Հրէաստանէն՝ կը սորվեցնէին եղբայրներուն ու կ՚ըսէին. «Եթէ Մովսէսի աւանդած սովորութեան համաձայն չթլփատուիք, չէք կրնար փրկուիլ»:
2Ուստի, երբ Պօղոս ու Բառնաբաս սաստիկ ընդվզեցան եւ վիճաբանեցան անոնց հետ, վճռեցին որ Պօղոս ու Բառնաբաս, նաեւ անոնցմէ քանի մը ուրիշներ, բարձրանան Երուսաղէմ՝ առաքեալներուն ու երէցներուն քով՝ այս հարցին համար:
3Անոնք ալ՝ եկեղեցիէն ուղարկուած՝ անցան Փիւնիկէէն եւ Սամարիայէն, ու պատմելով հեթանոսներուն դարձի գալը՝ մեծապէս ուրախացուցին բոլոր եղբայրները:
4Երբ հասան Երուսաղէմ, ընդունուեցան եկեղեցիէն, առաքեալներէն ու երէցներէն, եւ պատմեցին ինչ որ Աստուած ըրեր էր իրենց հետ:
5Բայց Փարիսեցիներու աղանդէն քանի մը հաւատացեալներ կայնեցան եւ ըսին. «Պէտք է թլփատել զանոնք, ու պատուիրել՝ որ պահեն Մովսէսի Օրէնքը»: 6Ուստի առաքեալներն ու երէցները հաւաքուեցան՝ նկատի առնելու համար այս բանը: 7Շատ վիճաբանութիւն ըլլալէ ետք, Պետրոս կանգնեցաւ եւ ըսաւ անոնց. «Մարդի՛կ եղբայրներ, դուք գիտէք թէ առաջին օրերէն ի վեր Աստուած ընտրեց զիս մեր մէջէն, որպէսզի իմ բերանովս հեթանոսները լսեն աւետարանին խօսքը, ու հաւատան: 8Սրտագէտն Աստուած վկայեց անոնց՝ Սուրբ Հոգին տալով անոնց, ինչպէս մեզի ալ, 9ու ո՛չ մէկ խտրութիւն դրաւ մեր եւ անոնց միջեւ՝ մաքրելով անոնց սիրտերը հաւատքով: 10Ուստի հիմա ինչո՞ւ կը փորձէք Աստուած, աշակերտներուն վիզին վրայ դնելով այնպիսի լուծ մը, որ ո՛չ մեր հայրերը, ո՛չ ալ մենք կարողացանք կրել: 11Բայց կը հաւատանք թէ Տէր Յիսուսի շնորհքո՛վ կը փրկուինք մենք, ինչպէս նաեւ անոնք»: 12Ամբողջ բազմութիւնը լռեց, ու մտիկ կ՚ընէր Բառնաբասի եւ Պօղոսի, որոնք կը պատմէին թէ Աստուած ո՛րչափ նշաններ եւ սքանչելիքներ գործած էր հեթանոսներուն մէջ՝ իրենց միջոցով: 13Երբ անոնք լռեցին, Յակոբոս ըսաւ. «Մարդի՛կ եղբայրներ, ինծի՛ մտիկ ըրէք. 14Շմաւոն պատմեց թէ ի՛նչպէս Աստուած առաջին անգամ այցելեց հեթանոսներուն, որպէսզի անոնց մէջէն առնէ ժողովուրդ մը՝ կրելու համար իր անունը: 15Այս բանին հետ կը համաձայնին մարգարէներուն խօսքերն ալ, ինչպէս գրուած է. 16“Ասկէ ետք պիտի վերադառնամ ու պիտի վերակառուցանեմ Դաւիթի փլած խորանը. պիտի վերակառուցանեմ անոր աւերակները եւ վերականգնեմ զայն, 17որպէսզի մնացած մարդիկը փնտռեն Տէրը, նաեւ բոլոր հեթանոսները՝ որոնք իմ անունովս կոչուած են՝՝,- կ՚ըսէ Տէրը՝ որ կ՚ընէ այս բոլոր բաները”: 18Աստուած գիտէ իր բոլոր գործերը՝ դարերու սկիզբէն ի վեր: 19Ուստի ես յարմար կը դատեմ չնեղել անոնք՝ որ հեթանոսներէն կը դառնան Աստուծոյ. 20հապա նամակ մը գրել անոնց՝ որ ետ կենան կուռքերու պղծութիւններէն, պոռնկութենէ, խեղդուածէ եւ արիւնէ: 21Որովհետեւ Մովսէս նախկին սերունդներէն ի վեր ունի զինք քարոզողներ ամէն քաղաքի մէջ, ու կը կարդացուի ժողովարաններու մէջ ամէն Շաբաթ օր»: 22Այն ատեն առաքեալներուն ու երէցներուն՝ ամբողջ եկեղեցիին հետ՝ հաճելի թուեցաւ, որ մարդիկ ընտրեն իրենցմէ եւ Անտիոք ղրկեն՝ Պօղոսի ու Բառնաբասի հետ.- Բարսաբա մականուանեալ Յուդան եւ Շիղան, որոնք կառավարող մարդիկ էին եղբայրներուն մէջ: 23Անոնց միջոցով ղրկեցին նամակ մը՝ սա՛պէս գրուած. «Առաքեալներէն, երէցներէն ու եղբայրներէն՝ ողջո՜յն Անտիոքի, Սուրիայի եւ Կիլիկիայի մէջ եղող եղբայրներուն, որոնք հեթանոսներէն դարձած են: 24Քանի լսեցինք թէ մեր մէջէն ելած ոմանք՝ վրդոված են ձեզ խօսքերով, ու ցնցած ձեր անձերը՝ ըսելով թէ պէտք է թլփատուիլ եւ Օրէնքը պահել,- որոնց մենք այսպէս չպատուիրեցինք,- 25մեզի՝ միաբանութեամբ հաւաքուածներուս՝ յարմար թուեցաւ, որ մարդիկ ընտրելով ղրկենք ձեզի, մեր սիրելիներուն՝ Բառնաբասի ու Պօղոսի հետ, 26որոնք մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի անունին համար իրենց անձերը ընծայած մարդիկ են: 27Ուստի ղրկեցինք Յուդան եւ Շիղան, որպէսզի իրենք ալ բերանով նոյն բաները պատմեն ձեզի: 28Որովհետեւ յարմար թուեցաւ Սուրբ Հոգիին ու մեզի ալ՝ աւելի ծանրութիւն չդնել ձեր վրայ, սա՛ հարկաւոր բաներէն զատ.- 29ետ կենալ կուռքերու զոհուածէ, արիւնէ, խեղդուածէ եւ պոռնկութենէ: Գոհ կ՚ըլլաք՝՝ եթէ հեռու մնաք՝՝ ատոնցմէ: Ո՛ղջ եղէք»: 30Անոնք ալ՝ բաժնուելով՝ գացին Անտիոք, ու հաւաքելով բազմութիւնը՝ տուին նամակը: 31Երբ կարդացին՝ ուրախացան տրուած մխիթարութեան համար: 32Իսկ Յուդա եւ Շիղա, իրենք ալ մարգարէ ըլլալով, շատ խօսքերով յորդորեցին եղբայրները, ու ամրացուցին: 33Ժամանակ մը հոն կենալէ ետք՝ եղբայրներէն խաղաղութեամբ ուղարկուեցան, եւ առաքեալներուն դարձան: 34Բայց Շիղայի հաճելի թուեցաւ հոն մնալ: 35Պօղոս ու Բառնաբաս ալ Անտիոքի մէջ կը կենային, եւ ուրիշ շատերու հետ կը սորվեցնէին ու կ՚աւետէին Տէրոջ խօսքը: 36Քանի մը օր ետք՝ Պօղոս ըսաւ Բառնաբասի. «Վերադառնա՛նք եւ այցելե՛նք եղբայրներուն՝ այն բոլոր քաղաքներուն մէջ, ուր Տէրոջ խօսքը հռչակեցինք, ու տեսնենք թէ ի՛նչպէս են: 37Բառնաբաս կ՚ուզէր առնել Յովհաննէսն ալ, որ Մարկոս կը կոչուէր. 38բայց Պօղոս մտածեց թէ լաւ չէ իրենց հետ առնել Պամփիւլիայի մէջ իրենցմէ հեռացողը եւ իրենց հետ գործի չգացողը: 39Այսպէս՝ տարակարծութիւն եղաւ անոնց միջեւ, այն աստիճան՝ որ զատուեցան իրարմէ: Բառնաբաս առաւ Մարկոսը եւ նաւարկեց դէպի Կիպրոս: 40Պօղոս ալ ընտրեց Շիղան ու մեկնեցաւ, եղբայրներէն յանձնարարուած ըլլալով Աստուծոյ շնորհքին, 41եւ կը շրջէր Սուրիայի ու Կիլիկիայի մէջ՝ ամրացնելով եկեղեցիները: |