ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 1
Armenian (Western): NT
1Յիսուս Քրիստոսի՝ Դաւիթի որդիին, Աբրահամի որդիին ծնունդի գիրքը:

2Աբրահամ ծնաւ Իսահակը. Իսահակ ծնաւ Յակոբը. Յակոբ ծնաւ Յուդան ու անոր եղբայրները. 3Յուդա ծնաւ Փարէսն ու Զարան՝ Թամարէն. Փարէս ծնաւ Եսրոնը. Եսրոն ծնաւ Արամը. 4Արամ ծնաւ Ամինադաբը. Ամինադաբ ծնաւ Նաասոնը. Նաասոն ծնաւ Սաղմոնը. 5Սաղմոն ծնաւ Բոոսը՝ Ռախաբէն. Բոոս ծնաւ Ովբէդը՝ Հռութէն. Ովբէդ ծնաւ Յեսսէն. 6Յեսսէ ծնաւ Դաւիթ թագաւորը. Դաւիթ թագաւորը ծնաւ Սողոմոնը՝ Ուրիայի կնոջմէն. 7Սողոմոն ծնաւ Ռոբովամը. 8Ռոբովամ ծնաւ Աբիան. Աբիա ծնաւ Ասան. Ասա ծնաւ Յովսափատը. Յովսափատ ծնաւ Յովրամը. Յովրամ ծնաւ Ոզիան. 9Ոզիա ծնաւ Յովաթամը. Յովաթամ ծնաւ Աքազը, Աքազ ծնաւ Եզեկիան. 10Եզեկիա ծնաւ Մանասէն. Մանասէ ծնաւ Ամոնը. 11Ամոն ծնաւ Յովսիան. Յովսիա ծնաւ Յեքոնիան ու անոր եղբայրները՝ Բաբելոնի տարագրութեան ատենները.

12Բաբելոնի տարագրութենէն ետք՝ Յեքոնիա ծնաւ Սաղաթիէլը. 13Սաղաթիէլ ծնաւ Զօրաբաբէլը. Զօրաբաբէլ ծնաւ Աբիուդը. Աբիուդ ծնաւ Եղիակիմը. 14Եղիակիմ ծնաւ Ազովրը. Ազովր ծնաւ Սադովկը. Սադովկ ծնաւ Աքինը. Աքին ծնաւ Եղիուդը. 15Եղիուդ ծնաւ Եղիազարը. Եղիազար ծնաւ Մատթանը. 16Մատթան ծնաւ Յակոբը. Յակոբ ծնաւ Յովսէփը՝ ամուսինը Մարիամի, որմէ ծնաւ Յիսուս, որ կոչուեցաւ Քրիստոս:

17Ուրեմն բոլոր սերունդները Աբրահամէն մինչեւ Դաւիթ՝ տասնչորս սերունդ են, եւ Դաւիթէն մինչեւ Բաբելոնի տարագրութիւնը՝ տասնչորս սերունդ, ու Բաբելոնի տարագրութենէն մինչեւ Քրիստոս՝ տասնչորս սերունդ:

18Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը եղաւ սա՛ կերպով: Անոր մայրը՝ Մարիամ, Յովսէփի նշանուած, Սուրբ Հոգիէն յղացած գտնուեցաւ՝ դեռ իրարու քով չեկած: 19Յովսէփ՝ անոր ամուսինը, արդար մարդ ըլլալով, ու չուզելով որ խայտառակէ զայն, կը ծրագրէր ծածկաբար արձակել զայն: 20Մինչ ան ա՛յդպէս կը մտածէր, ահա՛ Տէրոջ հրեշտակը երեւցաւ անոր՝ երազի մէջ, եւ ըսաւ. «Յովսէ՛փ, Դաւիթի՛ որդի, մի՛ վախնար քովդ առնել կինդ՝ Մարիամը, որովհետեւ անոր մէջ յղացուածը Սուրբ Հոգիէն է: 21Ան պիտի ծնանի որդի մը, եւ անոր անունը Յիսուս պիտի կոչես, քանի որ ա՛ն պիտի փրկէ իր ժողովուրդը իրենց մեղքերէն»: 22Այս ամէնը կատարուեցաւ, որպէսզի իրագործուի մարգարէին միջոցով ըսուած Տէրոջ խօսքը. 23«Ահա՛ կոյսը պիտի յղանայ ու որդի պիտի ծնանի, եւ անոր անունը Էմմանուէլ պիտի կոչեն», որ կը թարգմանուի՝ Աստուած մեզի հետ: 24Յովսէփ քունէն արթննալով՝ ըրաւ ինչ որ Տէրոջ հրեշտակը հրամայեց իրեն, եւ քովը առաւ իր կինը: 25Ու չգիտցաւ զայն՝ մինչեւ որ ան ծնաւ իր անդրանիկ որդին. եւ անոր անունը Յիսուս կոչեց:



Armenian (Western): NT

Bible Hub

Malachi 4
Top of Page
Top of Page