1 ՏԻՄՈԹԷՈՍ 3
Armenian (Western): NT
1Սա՛ խօսքը վստահելի է. եթէ մէկը եպիսկոպոսութեան կը բաղձայ, բարի գործի կը ցանկայ: 2Ուստի եպիսկոպոսը պէտք է ըլլայ անարատ, մէկ կնոջ ամուսին, զգաստ, խոհեմ, համեստ, հիւրասէր, սորվեցնելու ընդունակ, 3ոչ գինեմոլ, ոչ զարնող, հապա՝ ազնիւ, ոչ կռուազան, ոչ արծաթասէր, 4իր տան լաւ վերակացու եղող, ենթարկուած զաւակներ ունեցող՝ ամբողջ պատկառանքով. 5(քանի որ եթէ մէկը չգիտնայ վերակացու ըլլալ իր տան, ի՞նչպէս հոգ պիտի տանի Աստուծոյ եկեղեցիին.) 6ո՛չ ալ նորահաւատ, որ հպարտանալով չիյնայ Չարախօսին սահմանուած դատապարտութեան մէջ: 7Նաեւ պէտք է ունենայ բարի վկայութիւն դուրսիններէ՛ն ալ, որպէսզի չիյնայ նախատինքի ու Չարախօսին թակարդին մէջ:

8Նմանապէս սարկաւագները պէտք է ըլլան պատկառելի, ոչ երկլեզու, ոչ գինեմոլ, ոչ ամօթալի շահախնդրութեան հետամուտ եղող, 9հապա հաւատքին խորհուրդը պահող՝ մաքուր խղճմտանքով: 10Ասոնք ալ նախ թող փորձարկուին, ու յետոյ կատարեն սարկաւագութիւն՝ եթէ անմեղադրելի գտնուին: 11Նոյնպէս ալ անոնց կիները պէտք է ըլլան պատկառելի, ոչ չարախօս, հապա զգաստ, հաւատարիմ՝ ամէն բանի մէջ: 12Սարկաւագները թող ըլլան մէկ կնոջ ամուսին, եւ լաւ վերակացու իրենց զաւակներուն ու տան. 13որովհետեւ անոնք որ լաւ կը կատարեն սարկաւագութիւնը՝ կը տիրանան բարի աստիճանի մը, ու շատ համարձակութեան՝ Քրիստոս Յիսուսի վրայ եղած հաւատքին մէջ:

14Կը գրեմ քեզի այս բաները, թէպէտ կը յուսամ շուտով գալ քեզի, 15որպէսզի՝ եթէ յապաղիմ՝ գիտնաս թէ ի՛նչպէս պէտք է վարուիս Աստուծոյ տան մէջ, որ ապրող Աստուծոյ եկեղեցին է, ճշմարտութեան սիւնն ու խարիսխը:

16Անվիճելիօրէն մեծ է բարեպաշտութեան խորհուրդը. Աստուած երեւցաւ մարմինով, արդարացաւ Հոգիով, տեսնուեցաւ հրեշտակներէն, քարոզուեցաւ հեթանոսներուն մէջ, հաւատացուեցաւ աշխարհի մէջ, եւ համբարձաւ փառքով:



Armenian (Western): NT

Bible Hub

1 Timothy 2
Top of Page
Top of Page